«ՀայՎոթս»-ը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութիւնն է, որ սկսած է 2012ին, որպէս շրջանային ծրագիր։ Այն անկողմնակալ նախաձեռնութիւն մըն է կոչուած հայկական համայնքին ընտրական գործընթացներուն մասնակից դարձնելու։ «ՀայՎոթս»-ի հիմնական նպատակն է գրանցել եւ քաջալերել համայնքին մասնակցիլ ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն վերաբերող կարեւոր տեղեկատուութիւնը հասանելի դարձնել համայնքին։ «ՀայՎոթս»ի նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներն են՝
Արեւմտյան Ամերիկայի
Հայ Դատի Գրասենեակ
Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը համայնքային քաղաքական կազմակերպութիւն է կոչուած առաջ մղելու տեղական հայ համայնքին յուզող հարցերը։ Մէկ դարէ ի վեր, Հայ Դատի գրասենեակը կը ծառայէ կրթելու, քաջալերելու եւ աշխուժացնելու Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ բնակող հայ համայնքին՝ տարբեր ուղղութիւններով։
Իր Լոս Անճելոսի կենտրոնատեղիով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը կը վայելէ շարք մը մշակութային, մարզական, բարեգործական ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը։ Գրասենեակը նաեւ սերտօրէն կը համագործակցի շարք մը լրատուական միջոցներու հետ, որոնց շարքին է ԱՄՆ-ի ամենաընթերցուած երկլեզու «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Մասնաճիւղեր ունենալով Գալիֆորնիոյ տարածքին եւ արեւմտեան Ամերիկայի այլ նահանգներուն մէջ, Հայ Դատի գրասենեակը կը համագործակցի Ուաշինկթոնի կեդրոանատեղիին եւ Պոսթոնի տեղակայուած արեւելեան Ամերիկայի յանձնախումբին հետ առաջ մղելու ԱՄՆ-ի մէջ բնակող համայնքին յուզող տարբեր հարցեր։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը մաս կը կազմէ Հայ Դատի գրասենակներու միջազգային ցանցին, որոնք կը գործեն Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Հարաւային Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ։