HyeVotes

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

HyeVotes նախաձեռնութեանը ընթացք տրուած է Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէն 2012թ.-ին որպէս տարածաշրջանային, անկուսակցական նախաձեռնութիւն՝ համայնքի անդամներուն ընտրական գործարկութեանց մէջ ներգրաւելու նպատակով: HyeVotes-ի ջանքերը, համագործակցելով շարք մը անշահադիտական կազմակերպութիւններու, ուսանողական խումբերու և համայնքի անդամներու ցանցի հետ, նպատակ ունին գրանցել և խրախուսել համայնքին քուէարկել  ընտրութիւններուն` միաժամանակ ծառայելով որպէս ընտրողներուն տեղեկատուութեան աղբիւր: 

 

HyeVotes նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներն են՝

Աւելցնել արձանագրուած ընտրողներու թիւը:

Ստեղծել հանրային իրազեկուածութիւն քաղաքացիական ներգրաւուածութեան եւ ընտրական գործարկման կարեւորութեան վերաբերեալ:

Ընտրողներուն տրամադրել համապարփակ եւ անկողմնակալ տեղեկատուութիւն մրցակիցներու վերաբերեալ իրենց քուէաթերթիկներուն վրայ:

Ընտրողներուն տրամադրել համապարփակ եւ անկողմնակալ տեղեկատուութիւն մրցակիցներու վերաբերեալ իրենց քուէաթերթիկներուն վրայ:

«Մենք մեծամասնական իշխանութիւն չունինք. Մենք ունինք իշխանութիւն որը մասնակիցներու մեծամասնութեանն է»։

– Թոմաս Ճեֆըրսըն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ (ANCA-WR)

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը համայնքային հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է առաջ մղել ամերիկահայ համայնքին յուզող հարցերը։


Մոտաւորապէս մէկ դարէ ի վեր, Հայ Դատի Յանձնախումբը կը ծառայէ կրթելու, քաջալերելու եւ աշխուժացնելու Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին՝ զանազան հարցերու շուրջ:

Իր Լոս Անճելոսեան կեդրոնատեղիով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը վայելէ շարք մը մշակութային, մարզական, բարեգործական ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը։ Բացի անկէ, Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ սերտօրէն կը համագործակցի տարբեր լրատուական միջոցներու հետ, որոնց շարքին է ԱՄՆ-ի ամենաընթերցուած երկլեզու օրաթերթի՝ «Ասպարէզ»-ի հետ:


Մասնաճիւղեր ունենալով Գալիֆորնիոյ եւ արեւմտեան այլ նահանգներուն մէջ, Հայ Դատի Յանձնախումբը կը համագործակցի իր Ուաշինկթոնի կեդրոանատեղիին եւ Պոսթոնի մէջ տեղակայուած արեւելեան Ամերիկայի յանձնախումբին հետ առաջ մղելու ԱՄՆ-ի հայ համայնքին յուզող տարբեր հարցերը։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի այս ջանքերուն կուգան միանալու Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Հարաւային Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի ու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցի մաս կազմող մասնաճիւղերը ։